2014-10-14 12:35:48

''Ոչ զարդարանքի հաւատքին` ինչ որ կարեւոր է շօշափելի եղբայրսիրութիւնն է'' ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզին մէջ։


(Ռ.Վ. 14 հոկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի մէջ յայտենց թէ ''Հաւատքը չի կայանար Հաւատամքը դաւանելու մէջ, այլ կը պահանջէ անջատուիլ ագահութենէն եւ եսասիրութենէն եւ տալ ուրիշներուն, յատակապէս աղքատներուն։
Հաւատքը կարիք չունի ցուցադրումի այլ ապրումի։ Պէտք չունի կեղծաւորութեան ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի փարիսէցիի մասին որ զարմանք կը յայնտէ երբ կը նկատէ թէ Յիսուս ճաշէն առաջ չլուացուեցաւ։

Յիսուս կը դատապարէ ''զարդարանքի հոգերորականութիւնը'', գեղեցիկ եւ բարի երեւնալը, մինչ իրականութիւնը տարբեր է. Յիսուս կը դատապարտէ անձերը որոնք գեղեցիկ ձեւակերպութիւններ ունին եւ տգեղ սովորութիւններ որոնք թէեւ անյայտ են սակայն՝ ծածուկ կը գործեն։
Ինչ որ Յիսուսի համար աւելի արժէք ունի՝ Հաւատք մըն է որ մղուած է եղբայրսիրութենէն։ Յիսուս կը յորդորէ մեցի չհնչեցնել փողեր , եւ չտալ՝ միայն այն ինչ որ աւելորդ է։ Ան կը հրաւիրէ նմանիլ պարաւ ծերուկի օրինակին որ նուիրեց այն ինչ որ ունէր ապրելու համար։ Յիսուսը կը գովէ անոր ըրածը ու մեզի կը դելաթրէ ապրիլ եղբայսիրութեան գոծունեայ հաւատք մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.